|
Փոխարժեքներ
17 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 374.16 |
| EUR | ⚊ | € 440.84 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9012 |
| GBP | ⚊ | £ 506.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.07 |
Իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական կազմակերպութիւնը, որ իր հիմնադրութեան օրերէն կ՚օժանդակէ Արցախի բնակչութեան, դպրոցներուն եւ ՀՕՄ-ի ճամբով իրականացուող բոլոր ծրագիրներուն, այս անգամ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղեց Սուրիա, զօրավիգ դառնալու սուրիահայութեան։
Գնահատելով «Թեւանիկ»-ի օգնութիւնը, պատասխանատու կազմը հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյ դեսպանատուն։
Դեսպան Նորա Արիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց կազմին եւ գնահատեց Իրանի, Հայաստանի ու Սուրիոյ բարեկամական կապերը նման դժուար ժամանակներու մէջ զիրար օժանդակելը կարեւոր համարելով։
«Թեւանիկ»-ի պատասխանատու կազմը, գլխաւորութեամբ Իվէթ Դանիէլեանի, իր կարգին իրանահայութեան եւ «Թեւանիկ»-ի կողմէ ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին, դեսպանատան անձնակազմին եւ Սուրիոյ ժողովուրդին՝ Սուրիոյ երկրաշարժին արձանագրուած զոհերուն համար։
Դեսպան Նորա Արիսեան ծանօթացաւ «Թեւանիկ»-ի գործունէութեան եւ բարձր գնահատեց զայն։