|
Փոխարժեքներ
17 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 374.16 |
| EUR | ⚊ | € 440.84 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9012 |
| GBP | ⚊ | £ 506.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.07 |
Թրքական ուժեր կը շարունակեն խախտել միջազգային օրէնքներն ու համաձայնութիւնները՝ այս անգամ Եփրատ գետին Սուրիոյ տրամադրուած ջուրը անջատելով եւ ելեկտրական ջերմուժի քանակը տկարացնելով: Այս պատճառով Եփրատի ելեկտարակայանին արտադրութիւնը նուազած է՝ քառորդի իջնելով:
Սուրիոյ նահանգներուն մեծամասնութիւնը, ներառեալ Հալէպ, հիմնուած է Եփրատի ելեկտածին կայանին վրայ: Հետեւաբար Թուրքիոյ Եփրատի ջուրերու հասանելիութիւնը արգիլելուն հետեւանքով, Հալէպի 3 ամբարտակներու վրայ հիմնուած ջրամատակարարման կայանները դադրած են գործելէ:
Թրքական այս թշնամական եւ անմարդկային արարքին ի հետեւանք Եփրատի ափին գտնուող սուրիական կարգ մը քաղաքներ ջուրի չգոյութենէ կը տառապին:
Ըստ մասնագէտներու, Եփրատի ամբարտակը կ’արտադրէր 800 մէկաուաթ ելեկտարանութիւն ժամական դրութեամբ, սակայն ներկայիս ան յիշեալ քանակին մէկ քառորդը կ’արտադրէ, ջուրի մակարդակի նուազումին պատճառով:
Եփրատի ամբարտակի վերակացուներէն երկրաչափ. Ուաէլ Ռաուի յայտնեց, որ Եփրատի ջուրի մակարդակի նուազումին պատճառով ոչ միայն ջուրի տագնապ պիտի յառաջանայ, այլ նաեւ ելեկտրականութեան:
Մասնագէտներու համաձայն, Եթէ Թուրքիան շարունակէ իր այս անմարդկային արարքը, այդ պարագային Հալէպ, Ռաքքա, Տէր Զօր, Պուքամալ եւ Իրաք աղէտալի իրավիճակի պիտի մատնուին: