|
Փոխարժեքներ
17 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 374.16 |
| EUR | ⚊ | € 440.84 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9012 |
| GBP | ⚊ | £ 506.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.07 |
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած յարձակումը՝ ցուցարարներու կողմէ:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն հետեւողականօրէն ջատագոված ու պաշտպանած է քաղաքացիներու ազատ խօսքի եւ հաւաքներու իրաւունքը: Այսուհանդերձ, երբ հնչող արտայայտութիւնները թշնամական բմոյթ կ՝ունենան ու կը վտանգեն քաղաքացիներու ապահովութիւնը, պէտք է դատապարտուին:
Մենք կը բաժնենք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի հրապարակած մտահոգութիւնները, որոնք կը զգուշացնեն հայկական երկու պետութիւններու միջեւ պառակտումի հաւանական վտանգի մասին, որ ծանրագույն հետեւանքներ կ՝ունենայ մեր ամբողջ ազգի համար:
Հայաստանի իշխանութիւնները պարտին տէր կանգնիլ իրենց պատասխանատուութեան, թոյլ չտան պառակտումի յառաջացումը եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծեն երկրի մէջ, զսպելով կիրքերը եւ կանխարգիլելով հասարակութեան մէջ բախումներու հաւանականութիւնը:
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ