|
Փոխարժեքներ
16 04 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 374.16 |
| EUR | ⚊ | € 440.84 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.9012 |
| GBP | ⚊ | £ 506.84 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.07 |
Վերջին օրերուն դարձեալ դժնդակ պահեր կ‘ապրի հայրենիքը եւ անոր հետ` ամբողջ հայութիւնը:
Վարչապետին ու գործող իշխանութեան անպատասխանատու եւ արկածախնդրական որոշումները, որոնք ըստ ամենայնի հակասահմանադրական են, կը հակասեն իշխանութեան հասնելու նախօրեակին շռայլուած հանդուրժողականութեան խոստումներուն:
Խստիւ դատապարտելի ու նաեւ անհասկնալի է Բիւրոյի երկարամեայ նախկին ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ փողոցային վերաբերմունքի նկատմամբ իշխանութեան յամեցող լռութիւնը:
Կոչ կ‘ուղղենք վարչապետին ու իր կառավարութեան` բացայայտելու սիւն դէպքին իրողութիւնը եւ օրէնքի ճամբով պատժելու ենթակաները: Իշխանութեան կոչ կ‘ուղղենք նաեւ համազգային միասնութիւնը հարուածող ու վտանգող կեցուածքներէն ու յայտարարութիւններէն հրաժարելու եւ ի վերջոյ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ցուցաբերելու:
ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Կոմիտէ